2016-01-20 09:41:00

Գերապայծառ Օտօ` ''Պատերազմը շարունակելու համար շատ շահեր կան''


(Ռատիօ Վատիկան) Քաղդէացիներու եպիսկոպոս` Գերապայծառ Օտօ, Հալէպէն կը դատապարտէ միջազգային ոյժերու կրաւորական դիրքը ու անհամաձայնութիւնը լուծում մը գտնելու Սուրիոյ հարցին։

''Մինչ անմեղ քաղաքացի սուրիացիները բարբարոսօրէն կը սպաննուին ու կ՛առեւանգուին ՏԱՀԵՇի կողմէ, Տէյր - զօրի մէջ, միջազգային ոյժերը կը թուին անկարող` լուծում գտնելու Սուրիոյ հարցին'' կ՛ըսէ գերապայծառ Օտօ` նախագահը Սուրիոյ Քարիթասի։ Ան ցաւով կը յայտնէ որ Սուրիոյ մէջ ներկայիս կը տիրէ բռնութիւն, ակնարկելով Տէր-Զօրի մէջ տեղի ունեցած` 300 հոգիներու սպանդին, որոնց 150ը գլխատուած են եւ ուրիշներ խաչուած, առանց հաշուի առնելու այլ 400 հոգիներու առեւանգումը։ Ան ցաւով դիտել կու տայ որ միջազգային ոյժերը աւելի հետաքրքրուած են տնտեսական շահերով եւ զէնքի վաճառումով։ Սակայն մենք որպէս քրիստոնեաներ ամէն ջանք կը թափենք դիմադրելու, ու կ՛աղօթենք եւ կ՛աշխատինք հաշտութեան ու խաղաղութեան ոգին սերմանել թէեւ 5 տարիէ ի վեր ահաւոր վիճակի մը մէջ կը գտնուինք, կը յայտնէ միշտ գերպայածառ Օտօ։








All the contents on this site are copyrighted ©.